Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 495-ի

Հայաստանի մէջ, 15 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 495 դէպք, որոնցմէ 34 484-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 952 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 183 789 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 196 նոր դէպք եւ 320 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 817):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 86 (կին), 68 (տղամարդ) և 70 (տղամարդ) տարեկան: Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մաճուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 242 է: