Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 37 937-ի

2020-07-29
Image

Հայաստանի մէջ, 29 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 37 937 դէպք, որոնցմէ 27 824-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9 165 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 160 380 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 308 նոր դէպք եւ  467 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 4 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 723):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են   84 տարեկան տղամարդ եւ 83, 64, 68 տարեկան կանայք:Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 225 է: