Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 37 629-ի

2020-07-28
Image

Հայաստանի մէջ, 28 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 37 629 դէպք, որոնցմէ 27 357-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9 330 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 158 527 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 239 նոր դէպք եւ  692 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 719):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են   89 (կին), 54 (կին), 63 (տղամարդ), 85 (տղամարդ), 64 (տղամարդ), 74 (տղամարդ), 62 (տղամարդ) եւ 89 (տղամարդ) տարեկան:Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 223 է: