Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 36 613-ի

Հայաստանի մէջ, 24 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 36 613 դէպք, որոնցմէ 25 734-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9 969 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 153 814 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 451 նոր դէպք եւ 490 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 4 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 692):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 89 (տղամարդ), 90 (կին), 65 (կին) եւ 88 (կին) տարեկան:Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 218 է: