Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 36 162-ի

Հայաստանի մէջ, 23 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 36 162 դէպք, որոնցմէ 25 244-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 013 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 151 879 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 469 նոր դէպք եւ 478 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 10 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 688):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 79, 83, 79, 77, 87, 86, 81 տարեկան տղամարդիկ եւ 78, 73, 77 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։