Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 34 981-ի

2020-07-20
Image

Հայաստանի մէջ, 20 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 34 981 դէպք, որոնցմէ 23 502-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 620 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 147 108 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 104 նոր դէպք եւ  208 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 9 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 650):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  63, 82, 72 տարեկան տղամարդիկ եւ 63, 69, 70, 53, 71, 92, 89 տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 209 է: