Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 33 559-ի

Հայաստանի մէջ, 16 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 33 559 դէպք, որոնցմէ 21 931-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 832 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 141 410 քննութիւն:
Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 554 նոր դէպք եւ 583 առողջացած։
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 15 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 607):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 74, 72, 70, 81, 60, 88, 65 և 63 տարեկան կանայք եւ 84, 86, 74, 83, 88, 87, 78 տարեկան տղամարդիկ: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։