Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 33 005-ի

2020-07-15
Image

Հայաստանի մէջ, 15 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 33 005 դէպք, որոնցմէ 21 348-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 876 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 139 220 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 515 նոր դէպք եւ  619 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 11 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 592):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  82, 63, 77, 75, 88, 62 տարեկան կանայք եւ 90, 53, 84, 84 եւ 88 տարեկան տղամարդիկ: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 5 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 189 է: