Հայաստանի ԿԸՅ. Նարեկ Ղահրամանեանը կը ստանայ Արսէն Ճուլֆալաքեանի պատգամաւորական մանտաթը

Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 23 սեպտեմբերին կայացած նիստին արձանագրութիւն կազմած է իշխող «Իմ քայլը» դաշինքէն Արսէն Ճուլֆալաքեանը սեփական դիմումի հիման վրայ պատգամաւորական մանտաթէն զրկելու մասին:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատած է նաեւ այս մանտաթը Նարեկ Ղահրամանեանին փոխանցելու մասին արձանագրութիւնը, որ յաջորդն էր Ճուլֆալաքեանէն ետք իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի համամասնական ցուցակին մէջ:
Արձանագրութիւնը պիտի ուղարկուի Հայաստանի Ազգային ժողով:
Նշենք, որ աւելի վաղ ՀՀ խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը յայտարարութիւն տարածած էր` իշխող «Իմ քայլը» դաշինքէն Արսէն Ջուլֆալաքեանի` մանտաթը վար դնելու վերաբերեալ յայտարարութեան մասին: Ճուլֆալաքեանը նշած է, որ իր պատգամաւորական մանտաթը վար դրած է հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ սկզբունքային տարաձայնութիւններու պատճառով: