Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներն ու միջնորդները պիտի հանդիպին Ժընեւի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները 29 հոկտեմբերին պիտի հանդիպին Ժընեւի մէջ:
Այս մասին ըսուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ: Անոնք նշած են, որ 24 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած են Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Սթիվըն Պիկընի հետ:
«Աշխոյժ քննարկումներու ընթացքին համանախագահներն ու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են անյապաղ մարդասիրական հրադադարի իրագործումը, հրադադարի պահպանման հսկողութեան հնարաւոր մեքենականութիւնը եւ համապարփակ կարգաւորման առանցքային բովանդակային տարրերու քննարկման մեկնարկը՝ 10 հոկտեմբերի համատեղ յայտարարութեան համաձայն:
Արտաքին գործոց նախարարները եւ համանախագահները համաձայնած են 29 հոկտեմբերին հանդիպիլ Ժընեւի մէջ, որպէսզի քննարկեն, համաձայնութեան գան եւ սկսին իրագործել բոլոր քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու ընդունած հիմնարար սկզբունքներուն համաձայն»,- ըսուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ: