Հայաստանը կը նշէ Առաջին Հանրապետութեան օրը

Հայաստանը այսօր՝ 28 մայիսին, կը նշէ Առաջին Հանրապետութեան օրը: 26 Մայիսին Սարդարապատի մէջ յաղթանակելով թրքական բանակին, հայկական զօրքերը կրցան կասեցնել թրքական ներխուժումը Անդրկովկաս եւ փրկել Հայաստանը լիակատար ոչնչացումէ:
21-էն 29 Մայիս 1918-ին հայկական զինուորական կազմաւորումներն ու աշխարհազօրը երեք ճակատով դիմակայեցին Արաքսը գետանցած թրքական բանակը։ Հիմնական խմբաւորումը գրաւած էր Սարդարապատ կայարանը եւ կը ծրագրէր յարձակիլ ու գրաւել Երեւանը։
Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի մէջ յաղթական ճակատամարտերէն եւ Ղարաքիլիսայի մէջ հերոսական մաքառումէն ետք՝ Մայիս 28-ին, Թիֆլիսի մէջ Հայոց Ազգային խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ Հանրապետութիւն։
Յաղթանակը հայ ժողովուրդին թոյլ տուաւ վերականգնել սեփական հայրենիքի մէջ 9 դար առաջ կորսնցուցած պետականութիւնը (Կիլիկիոյ պետականութեան անկումէն շուրջ 540 տարի անց):
Առաջին Հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ հայ ժողովուրդին համար ծանր ժամանակահատուածի մը, երբ բնաջնջման ծրագրէն խուսափած բազմահազար գաղթականները, սովը եւ ռուսական կայսրութեան նուաճողական քաղաքականութիւնը հնարաւորութիւն պիտի չընձեռէին պետութեան ղեկավարներուն ստեղծելու կայուն պետութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունեցաւ ընդամէնը երկու տարի՝ մինչեւ 1920 թուականի 2 Դեկտեմբերը, երբ Երեւան մտան 11-րդ Կարմիր բանակի զօրամասերը, եւ հանրապետութիւնը խորհրդայնացաւ:
1991 թուականին Հայկական ԽՍՀ-ն անկախութիւն հռչակեց, եւ խորհրդարանը Մայիս 28-ը սահմանեց՝ որպէս ոչ աշխատանքային օր:
Աւանդաբար Մայիս 28-ին հիմնական միջոցառումները կ'իրականացուին Սարդարապատի մէջ, որ կը յաւերժացնէ հայ ժողովուրդի հերոս զաւակներու յիշատակը, որոնք 1918-ին կասեցուցին թուրքերու ներխուժումը երկիր:
Այսօր «Քորոնա» ժահրի համավարակով եւ արտակարգ դրութեամբ պայմանաւորուած՝ Սարդարապատի յուշահամալիր փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց մուտքը արգիլուած է։