Հայաստան.«Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 44 845-ի

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 7 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 62 նոր դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 44 845-ի, որոնցմէ բուժուած է 40 121 անձ։
Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 3 549 հիւանդ:
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 900-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 3 քաղաքացի:
Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն 32-ն է։