Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքը հատեց 100 միլիոն տոլարի շեմը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ հայրենիքի համար համազգային ջանքերու համախմբումը։ 12 Հոկտեմբերի դրութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնած «Մենք ենք մեր սահմանները» դրամահաւաք-արշաւի շրջածիրէն ներս հաւաքագրուած է աւելի քան 100 մլն ԱՄՆ տոլար։
Համազգային բացառիկ համախմբումի շնորհիւ, ամէն վայրկեան Հիմնադրամի կայքով կը կատարուին հարիւրաւոր նուիրատւութիւններ։ Մեր թիկունքը ամուր է Հայաստանի եւ Սփիւռքի նուիրումի եւ համախմբուածութեան շնորհիւ։
Յիշեցում նուիրատւութիւն կատարելու եղանակներու մասին՝
– Հիմնադրամի առցանց դրամահաւաք-արշաւին կրնաք միանալ www.himnadram.org հասցէով,
ինչպէս նաեւ միջազգային փոխանցումներ կատարելով կայքին մէջ նշուած հաշուեհամարներով
– 1000 ՀՀ դրամի չափով՝ SMS հաղորդագրութիւն ուղարկելով 8000 կարճ համարին, որ կը գործէ Հայաստանի մէջ բոլոր ընկերութիւններու բաժանորդներուն համար
– TelCell, EasyPay, iDram, Աքպա-Քրետիթ Աքրիկոլ Պանք օնլայն համակարգերու միջոցով
– Paypal համակարգով [email protected] վճարման հասցէին։
Շնորհակալ ենք նուիրատուներու մեր աշխարհասփիւռ բանակին վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար։