Հակառակորդի դիպուկահարի կրակոցէն պայմանագրային զինծառայող մահացած է

ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին մէջ, 27 յուլիսին, ժամը 01.10-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ դիպուկահար հրազէնէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Աշոտ Գէորգի Միքայէլեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Աշոտ Միքայէլեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: