Հակառակորդի գործողութիւններու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ որ վերջինս կը պատրաստուի անցնելու յարձակման

2020-10-04
Image

Գիշերուայ ընթացքին արցախ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած:

Յատկապէս լարուած եղած է հարաւային ուղղութեամբ: Հակառակորդի գործողութիւններու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ վերջինս կը պատրաստուի անցնելու յարձակման:

ՊԲ-ն կը հետեւի հակառակորդի բոլոր զօրաշարժերուն եւ պատրաստ է վճռականօրէն ճնշել հակառակորդի բոլոր գործողութիւնները: