Հակառակորդը նոր ուժեր մարտի մէջ մտցուցած է. Հայերու կողմէ զգետնուած է 3 ինքնաթիռ

Հակառակորդը նոր ուժեր կը մտցնէ մարտի մէջ։ Մերոնք հերոսական դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն։ Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին յայտնած է ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։ Ան նշած է, որ ժամը 08:25 ի սահմաններուն Արցախի հարաւային շրջանին մէջ խոցուած է ատրպէյճանական ինքնաթիռ։
Այս գրառումէն անմիջապէս ետք աւելցուցած է՝ «Եւս երկու ինքնաթիռ զգետնուեց 10 վայրկեան առաջ։ Յամառ մարտերը կը շարունակուին»: