Հակառակորդը հարուածային ԱԹՍ կիրառած է գիւղական համայնքի եւ բնակավայրերու ուղղութեամբ

Հակառակորդը կիրառած է հարուածային ԱԹՍ Երիցվանք գիւղական համայնքի, նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի, Կապանի շրջանի Արծուանիկ բնակավայրի ուղղութեամբ։ Տուժածներ չկան։ Այս մասին իր դիմատետրի էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։
Քիչ առաջ խօսնակը տեղեկացուցած էր, որ ԱԳ նախարարներու յայտարարութենէն ետք հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդի կողմէ ԱԹՍ-ի օգտագործումը ուժեղացած է: