Հակառակորդը թիրախաւորած է հիւսիսային-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հիւնադանոցը․ Շուշան Ստեփանեան

Հակառակորդը, շարունակելով խախտել մարդասիրական հրադադարը, այս անգամ թիրախաւորած է հիւսիսային-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հիւնադանոցներէն մէկը, ուր բուժում կը ստանան նաեւ քաղաքացիական անձինք. այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։
«Վերոնշեալը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ սովորութային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու կոպտագոյն խախտում է, որոնց համաձայն կ'արգիլուի թիրախաւորել հիւանդանոցները եւ այն վայրերը, ուր կը պահուին վիրաւորները։ Սա արդէն բացայայտ ռազմական յանցագործութիւն է, որուն հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատւութիւնը կ'իյնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ»: