Հադրութ ներթափանցած խումբի անդամները տան մէջ սպանած են մայն ու անոր հաշմանդամութիւն ունեցող որդին. ԱՀ ՄԻՊ

Այսօր ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը յստակ տեղեկութիւններ ստացած է, որ առաւօտեան Հադրութ քաղաք ատրպէյճանական խումբի ներթափանցման ժամանակ այդ խումբի անդամները տան մէջ սպաննած են Հադրութի երկու բնակիչ՝ մայրն ու անոր հաշմանդամութիւն ունեցող որդին: Այժմ աշխատանքներ կը տանինք հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ եւ վաղը հանդէս կու գանք աւելի մանրամասն տուեալներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանը։
«Խստագոյնս դատապարտելով ատրպէյճանական զինուած ուժերու շարունակական վայրագ յանցագործութիւնները Արցախի բնակչութեան հանդէպ՝ կը պահանջեմ միջազգային հանրութենէն այս դէպքը արժանացնել համարժէք արձագանգի եւ հետամուտ ըլլալ յանցագործները համապատասխան պատիժի ենթարկելու համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Today the Staff of the Human Rights Ombudsman of the Republic of Artsakh got concrete information that the Azerbaijani subvversive group which entered Hadrut town on the morning killed 2 civilians at their home – the mother and her son with disability. We are making efforts to gather more information and will publish them tomorrow.
Critically condemning the continuous severe attrocities of the Azerbaijani armed forces against the Artsakh population, I demand from the international community to give proper reaction to this cruel crime and to pursue punishing those criminals.