Հադրութի մէջ իրավիճակը այս պահուն ՊԲ վերահսկողութեան տակ է․ Արայիկ Յարութիւնեան

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը դիմատետրի իր էջին թարմացուցած է Հադրութի ուղղութեամբ թշնամիի կողմէ ներթափանցման փորձ կատարելու եւ ասուլիսով հանդէս գալու մասին տեղեկատվութիւնը:
Գրած է. «Քիչ առաջ վերադարձայ Հադրութ քաղաքէն։ Ինչպէս գիտէք, թշնամին, անտեսելով մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնը, ներթափանձման փորձ գործած էր շրջանի կեդրոնի ուղղութեամբ։ Իրավիճակը այս պահուն լրիւ կը գտնուի Պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ։ Իսկ առկայ պայմանաւորուածութիւններու եւ անոնց խախտման վերաբերեալ պիտի խօսիմ առաւօտեան ժամը 10-ին կայանալիք մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։ Յուսամ այս անգամ նոր խոչընդոտներ չեն ըլլար»: