Կրկին կը հրթիռակոծուի Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքները. պատասխանը պիտի չուշանայ. Վահրամ Պօղոսեան

2020-10-05
Image

Թշնամին կրկին կը հրթիռակոծէ Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքները։ Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

«Պաշտպանութեան բանակի պատասխանը պիտի չուշանայ։ Սակայն ի տարբերութիւն Պաքուի ահաբեկչական իշխանութեան, մենք կը թիրախաւորենք ոչ թէ քաղաքացիական բնակչութիւնը, այլ խոշոր քաղաքներուն մէջ մշտական տեղակայում ունեցող ռազմական կառոյցները։

Այդ քաղաքներուն մէջ ապրող խաղաղ բնակչութեան կրկին կոչ կ'ընենք անյապաղ լքելու իրենց բնակավայրերը, որպէսզի խուսափին հնարաւոր զոհերէ»։