Կրկին կը թիրախաւորուին Ստեփանակերտն ու Արցախի այլ բնակավայրերը

2020-10-07
Image

Կրկին կը թիրախաւորուին Ստեփանակերտն ու Արցախի այլ բնակավայրերը։ Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան գրած է. «Թշնամիին ահաբեկչական բանակը այս պահուն անխնայ կ՛ոչնչացուի»:

Երէկ Ստեփանակերտն ու Շուշին հրթիռակոծուած են։ «Դուք այլ բանի ընդունակ չէք բացի քաղաքները հարուածելը, ձեր կռիւը միայն կրնաք տալ խաղաղ բնակիչներուն հետ»,- այդ առթիւ գրած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։