Կտրուկ աճ. «Քորոնա» ժահրով վարակման 1058 նոր դէպք՝ մէկ օրուան մէջ. մահացած է 7 մարդ

14 Հոկտեմբերի ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 58 624 դէպք, որմէ 46 713-ը՝ առողջացած, 1039-ը՝ մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 561 հիւանդ: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 332 154 քննութիւն:
Այսպիսով՝ երէկ կատարուած է 2877 քննութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 1058 նոր դէպք: Ունինք 395 առողջացած:
Մահուան դէպքերու վերաբերեալ ՀՀ ԱՆ-էն կը յայտնեն, որ հիւանդները եղած են 57 (տղամարդ), 62 (տղամարդ), 70 (կին), 82 (կին), 56 (տղամարդ), 68 (տղամարդ) եւ 47 (տղամարդ) տարեկան։ Բացի վերջինէն, մնացածն ունեցած են ուղեկցող քրոնիկ հիւանդութիւններ։
Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 3 դէպք, երբ հիւանդներն ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 311 է։