Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայն ընդունած է Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ

2020-10-10
Image

Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայն ընդունած է Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատի միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը:

«Ներկայացուցիչներու պալատը դատապարտած է նաեւ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութիւնը Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման՝ վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակավայրերու ռմբակոծումը, կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու կրակն ու խաղաղ բանակցութիւններ վարել»,- գրած է Հայրապետեանը: