Կը շնորհաւորեմ բոլորս՝ Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ․ Արայիկ Յարութիւնեան

2020-09-02
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով: Յարութիւնեան շնորհաւորեած է ողջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր քոյրերն ու եղբայրները:

«Այս կարեւորագոյն պետական տօնը մենք կերտեր ենք միասին՝ ազգովին, համայն հայութեան ջանքերու համատեղման, մեր հայրենիքի, նախնիներու յիշատակի եւ սերունդներու ապագայի հանդէպ ունեցած մեծագոյն պատասխանատւութեան, մեր խիզախութեան ու տոկունութեան շնորհիւ: Կերտեր ենք՝ մեր մտքին մէջ փայփայելով ազատ, անկախ ու երջանիկ երկիր ունենալու երազանքը: Այսօր մեր ժողովուրդն այդ նուիրական երազանքի իրականացման ճանապարհին է: Համոզուած եմ՝ այն մենք կ'անցնինք յաջողութեամբ, որովհետեւ կը կառուցենք, կը շէնացնենք ու կը պաշտպանենք մեր հայրենի հողը՝ ստեղծելով անհրաժեշտ պայմաններ մեր քաղաքացիներու արժանավայել կեանքի համար: Մենք այդ կ'ընենք մեր եւ մեր զոհուած ընկերներուն՝ մեր ժողովուրդին հերոս զաւակներուն փոխարէն: Այդ բոլորիս սրբազան պարտքն է:

Յաւե՜րժ փառք ու պատիւ մեր բոլոր նահատակներուն, որոնց կեանքի գնով իրականութիւն դարձած է այս պանծալի տօնը:

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեանը: