Կը խնդրեմ գործուն քայլերու դիմել՝ ճանչնալով Արցախը որպէս ինքնիշխան պետութիւն. Ն. Ազնաւուրի նամակը Մաքրոնին

2020-10-06
Image

«Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուր նամակ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազնաւուր» հիմնադրամը:

«Յարգելի՛ պարոն նախագահ, Սիրելի՛ բարեկամ, հայ ժողովուրդի հաւատարի՛մ աջակից, վերջին օրերը ցաւով ու խոր անհանգստութեամբ  լի էին ողջ հայ ազգի համար։ Հայ ժողովուրդին դարձեալ վտանգ կը սպառնայ, եւ, ինչպէս 1915-ին, այսօր ալ ան ստիպուած է պայքար մղել իր գոյութեան համար։ Հայ դիրքապահները քաջաբար կը պահեն երկրի սահմանները, սակայն մարտերը թէժ են, եւ զոհերը՝ բազմաթիւ։

Ես անգամ մը եւս կը դիմեմ Ձեզի՝ որպէս մարդ եւ առաջնորդ, որ չի վախենար ճշմարտութիւնը ըսելէ, եւ որուն համար մարդկային արժէքները գերակայ են: Դուք սա ապացուցած էք Ձեր ղեկավարման այս ողջ ընթացքին։ Ձեր վերջին ելոյթներուն մէջ Դուք անգամ մը եւս յիշեցուցիք հայերուն եւ աշխարհին, որ Հայաստանը մինակ չէ այդ դահիճներուն դէմ յանդիման։ Դուք համարձակօրէն դատապարտեցիք Թուրքիոյ կեղծաւորութիւնն ու ցինիզմը եւ անոր մեղսակցութիւնը Պաքուի յանցագործութիւններուն: Այս հակամարտութեան ընթացքին սուրիացի ճիհատիստներու՝ վարձկան-ահաբեկիչներու ներգրաւումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այդ կառավարութիւններու անբարոյ ձեռագիրը եւ կը գուժէ ահաբեկչական սպառնալիքի մասին, որ Թուրքիոյ ձեռամբ կը հասնի Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի մատոյցները: Պաքուն կը թիրախաւորէ խաղաղ բնակիչները եւ լրագրողները՝ օգտագործելով արգիլուած զինամթերք, խախտելով միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները։

Ձեր եւ ֆրանսացի ժողովուրդի աջակցութիւնը շատ կարեւոր է մեզի համար: Կը խնդրեմ Ձեզմէ գործուն քայլերու դիմել՝ յանուն մեր ժողովուրդի փրկութեան – ճանչնալով Արցախի Հանրապետութիւնը որպէս ինքնիշխան պետութիւն, որ կը կարողանայ օգտուիլ միջազգային իրաւունքի դրոյթներէն, կը խնդրեմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ՝ անոնց գործած յանցագործութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրել ՄԱԿ-ի վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն վերահաստատելու մեխանիզմներ գործի դնելու նպատակով։

Ես կը հաւատամ Ձեզի ու Ձեր սկզբունքայնութեան, լիայոյս եմ, որ մարդասիրական եւ ժողովրդավարական մեր արժէքները յաղթանակ պիտի տանին բռնապետութեան ու ոճրագործութեան դէմ, որոնց շարժիչ ուժը ագահութիւնն է եւ իշխանութեան ծարաւը: Հայաստանը քաղաքակրթութեան բերդամրոցն է, որ պէտք է պաշտպանել»,-ըսուած է նամակին մէջ: