Կարեւոր է որ սահմանը պահող զինուորը իմանայ, որ իր ետին եղող թիկունքը զարգացման հունի մէջ է. Փաշինեան

2020-09-08
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կ'արեւորած է, որ սահմանին կանգնած զինուորները ետ նայելով, իրենց թիկունքին տեսնեն զարգացող եւ ապագային լաւատեսօրէն նայող բնակավայր, տեսնեն ապագայի նկատմամբ վճռականութիւն ունեցող, մշակոյթով ապրող թիկունք: Փաշինեանն այս մասին ըսած է Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքին մէջ «Երեւանեան հեռանկարներ» 21-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի բացման իր ելոյթի ժամանակ:

Փաշինեանը նշած է՝ այսօրուան բոլոր միջոցառումները նպատակ ունին  գնահատանքի եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Տաւուշի տարածաշրջանի, Բերդ խոշորացուած  համայնքի հերոսական ժողովուրդին: «Յուլիսեան յաղթական մարտերը ի հարկէ կերտած են մեր զինուորականները, բանակը, բայց անոնց համար ամուր եւ յաղթական թիկունք հանդիսացած է Բերդի, Տաւուշի մեր հերոսական ժողովուրդը: Եւ շատ կարեւոր է ըսել, որ մենք այսօր կրնանք ընել արձանագրումներ քանի մը առիթներով՝ օգտագործելով աննախադէպ բառը՝ ցոյց տալու համար, որ ընդհանրապէս յաղթանակներն ամենատարբեր մաշտապներու, օդէն չեն իյնար, անոնք ինչ-որ հաւաքականութեան, ինչ-որ հետեւողականութեան արդիւնք են»,-ըսած է Փաշինեանը:

Ան նշած է՝ Չինարի սահմանապահ համայնքին մէջ  ՀՀ անկախութենէն ի վեր ոչ մէկ բնակելի տուն կառուցուած է:  Այսօր Չինարիի մէջ զէրոյէն կը կառուցուի բնակելի տուն՝ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, եւ այն մինչեւ տարեվերջ պիտի յանձնուի բազամազաւակ, տասը հոգինոց ընտանիքի՝ ընդ որում ամբողջովին կահաւորուած: Մովսէս գիւղն իր գոյութեան 300 տարուան ընթացքին երբեք ասֆալթապատ ճանապարհ չէ ունեցած: Այսօր Մովսէս գիւղն ունի ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող  ճանապարհ:

«Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղը անկախութենէն ի վեր երբեք ասֆալթապատ ճանապարհ չէ ունեցած: Այսօր Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղը համայնքին հանրապետական նշանակութեան ճանապարհին կը կապէ նորակառոյց ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող ճանապարհը: Եւ յոյս ունենանք, որ մինչեւ տարեվերջ Ներքին Կարմիրաղբիւրը կ'ունենայ ժամանակակից զբօսայգի մը, որ կը փոխէ Ներքին Կարմիրաղբիւրի մթնոլորտը: Այգեպար համայնքը երբեք ասֆալթապատ փողոցներ չէ ունեցած: Այսօր Այգեպարի բոլոր փողոցներն կ'ասֆալթապատուին եւ հրետակոծութենէն տուժած տանիքները կը փոխուին, եւ անոնք կը փոխեն բնակավայրի գոյնը: Այս ամէնը ոչ միայն տաւուշցիներու, այդ գիւղերու համար կ'ընենք: Ես այսօր կը մտածէի Այգեպարի նորացուած տանիքներու մասին, եւ ինծի համար ամենակարեւոր պատկերը հետեւեալն էր՝ իսկ ի՞նչ կը տեսնէ մեր զինուորը դիրքերէն ետ նայելով: Տանիքներն աւելի կարեւոր են դիրքերուն կանգնած մեր զինուորներուն համար, որ երբ անոնք ետ նային, տեսնեն իրենց թիկունքին ապրող, զարգացող եւ ապագային լաւատեսօրէն նայող բնակավայր, տեսնեն ապագայի նկատմամբ վճռականութիւն ունեցող թիկունք եւ տեսնեն նաեւ մշակոյթով ապրող թիկունք»,-ըսած է վարչապետն ու յիշեցուցած համերգի խորագիրը՝ «Մշակոյթը՝ թիկունք»:

Վարչապետը նշած է՝ այսօրուան շրջայցը կը պատկերէ համայնքներուն, գիւղական բնակավայրերուն մէջ մարդոց նոր ապրելակերպի, նոր կենսակերպի մասին կառավարութեան տեսլականը: «Չի յիշուիր, թէ դասական երաժշտութեան համերգ երբ վերջին անգամ եղած է Բերդի մէջ, բայց մենք կ'ուզենք, որ այսպիսի համերգներ անընդհատ ըլլան այստեղ: Մենք ընդ որում կ'ուզենք, որ այսպիսի համերգները ըլլան ոչ միայն հրաւիրատոմսերով, մենք կ'ուզենք, որ Բերդի մէջ, տարբեր համայնքներու մէջ ըլլան տոմսարկղեր եւ մարդիկ հերթ կանգնին այդտեղ, ունենան վճարունակութիւնը եւ վճարեն այս կարգի համերգներուն ներկայ գտնուելու համար»,-ըսած է Փաշինեանը:

Բերդ խոշորացուած համայնքի հայրենակիցներուն դիմելով՝ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է: «Շնորհակալութիւն, որ այսպէս ամուր կը պահէք բանակի թիկունքը եւ այսպէս ամուր կը պահէք մեր երկրի սահմանը, առաջին հերթին՝ հոգեբանօրէն, հոգեբանական սահմանը»,-ըսած է Փաշինեանը: