Կառավարութիւնն արեւմտահայերէնով հրապարակած է մինչեւ 2050 թուականի տեսլականի ուղերձները

Մինչեւ 2050 թուական Հայաստանի վերափոխումի ռազմավարութեան ձեւաւորած տեսլականը հետեւեալն է՝ կերտել բարձր կենսամակարդակով՝ աշխարհի առաջատար նոր արդիւնաբերական երկիր՝ մրցունակ նորարարական, գիտական, կրթական, մշակութային, առողջապահական եւ տնտեսական կարողութիւններով:
Մասնաւորապէս, մինչեւ 2050 թուական ... Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնենք առնուազն 5 միլիոնի, 20-ապատկենք Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքը, յաղթահարենք աղքատութիւնը աշխատանքով, ստեղծենք 1 միլիոն 500 հազար աշխատատեղ, եօթնապատկենք միջին աշխատավարձը, 1 շունչի հաշիւով ունենանք աշխարհի ամենէն մարտունակ բանակը, ունենանք աշխարհի 10 ամենէն արդիւնաւէտ հետախուզական ծառայութիւններէն մէկը, սորվիլը դարձնենք ազգային ապրելակերպ, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու միջազգային վարկանիշի առաջին 200-ին մէջ, ունենանք առնուազն 3 համալսարան, Հայաստանը դարձնենք բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերական երկիր, ունենանք 10 միլիարդ տոլար եւ աւելի արժէքով առնուազն 5 արհեստագիտական ընկերութիւն եւ առնուազն 10 հազար աշխատող սթարթափ, առողջ ապրելակերպը դարձնենք ազգային յատկանիշ, կեանքի սպասուող տեւողութիւնը հասցնենք 90 տարուայ, նուաճենք 25 ողիմպիական ոսկէ մետալ, նուաճենք ճատրակի աշխարհի անհատական ախոյեանի կոչումը, Ֆութպոլի ազգային հաւաքականը դարձնենք Եւրոպայի եւ/կամ աշխարհի առաջնութեան մետալակիր, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը հասցնենք տարեկան 15 միլիոնի, ունենանք առողջ շրջակայ միջավայրով, կլիման դիմակայող եւ ուժանիւթը արդիւնաւէտ օգտագործող Հայաստան, կրկնապատկենք Հայաստանի անտառածածկ տարածքները:
ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ