Կառավարութիւնը ՍԴ դատաւորի պաշտօնին հաստատեց Վահրամ Աւետիսեանի թեկնածութիւնը

ՀՀ կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու պիտի առաջադրէ Վահրամ Աւետիսեանը:
Հարցը ներառուած էր կառավարութեան այսօրուան նիստին օրակարգին մէջ եւ Կառավարութիւնը հաստատեց ՍԴ դատաւորի պաշտօնին Վահրամ Աւետիսեանի թեկնածութիւնը:
Կառավարութեան նիստին թեկնածուն նշեց, որ որպէս ՍԴ դատաւոր՝ պէտք է ապահովէ ՍԴ դատաւորի անկախութիւնը, ապաքաղաքականացուածութիւնը, անաչառութիւնը:
«Հաշուի առնելով մեր երկրին մէջ ստեղծուած իրողութիւնները՝ պէտք է ապահովել ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ ՍԴ դերակատարութիւնը: Ժողովրդավարական արժէքները դասակարգումներ չեն, անոնք եղափոխութիւն կ'ապրին, եւ ՍԴ-ն, իր հիմքը ունենալով անհատի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, պէտք է գործէ անոնց զուգահեռ՝ ապահովելով գործադիր, օրէնսդիր, դատական իշխանութեան ներդաշնակ գործունէութիւնը»,- ըսած է թեկնածուն:
Վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուին ԱԺ քննարկումներուն եւ ընտրուելէ ետք՝ նաեւ ՍԴ դատաւորի կարգավիճակին:
Վահրամ Աւետիսեանի կենսագրութիւնը՝ այստեղ: