Ծանր մարտերու ընթացքին թշնամին մարտադաշտին մէջ կենդանի ուժի մեծաքանակ կորուստներ կը կրէ․ Վահրամ Պօղոսեան

2020-10-09
Image

Պատերազմը առաջնագիծի բոլոր ուղղութիւններով աշխոյժ կերպով կը շարունակուի: Ծանր մարտերուն թշնամին մարտադաշտի մէջ կենդանի ուժի մեծաքանակ կորուստներ կը կրէ՝ պակասը փորձելով լրացնել հիմնական արցախեան առաջին պատերազմի պարտուած վեթերաններով: Այս մասին գրած է ԱՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։

«Եթէ անոր բանակին մէջ դեռ սթափ մտածող զինուորական մնացած է, երեւի կը հասկնայ, որ այդ ուժերուն հետ կապուած, մեծ յոյսեր փայփայել պէտք չէ:

Պաշտպանութեան բանակը իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը փայլուն կը կատարէ» :