Ծանր հարուած հակառակորդին. Ատրպէյճանեան 10 թանկեր ոչնչացուած են

Մարտական գիծի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը նախաձեռնած է հրասայլային գրոհ, սակայն, հանդիպելով Պաշտպանութեան Բանակի հրասայլային ու հակահրասայլային ստորաբաժանումներու յամառ դիմադրութեան, ծաւալուած հրասայլային մարտին ընթացքին կորսնցուցած է տաս թանկ:
Արցախի ՊՆ-էն յայտնած են, որ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին: Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան տակ: