Խոցուած է հակառակորդի Սու-25 գրոհիչ. անոնք կը կիրառուին թրքական F-16 կործանիչներու պատսպարմամբ. Շ. Ստեփանեան

Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու F-16 կործանիչներու պատսպարմամբ ատրպէյճանական օդուժը սահմանի երկայնքով կը կիրառէ Սու-25 գրոհիչ ինքնաթիռներ։
Արցախի ՊԲ ՀՕՊ ստորաբաժանումները հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ խոցած են հակառակորդի մէկ միաւոր Սու-25 գրոհիչ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեանը։