Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի շրջանին մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը, կը յայտնեն Ռուսաստանի ՊՆ-էն:
Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան տուեալներով՝ հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ամբողջ երկայնքով:
Կողմերու հաշտեցման կեդրոնի կողմէ կը ստուգուի 2020 թուականի 27 դեկտեմբերին Հատրութի շրջանի Տող բնակավայրին մէջ հրազէնի հնարաւոր կիրառման մասին տեղեկատւութիւնը:
Նախարարութենէն յիշեցուցած են, որ 28 դետկեմբերին կայացած է գերիներու հերթական փոխանակումը: Ռուսաստանի ռազմատիեզերական օդերու ինքնաթիռները Պաքու տեղափոխած են գերեվարուած երկու ատրպէյճանցի եւ Հայաստան վերադարձուցած՝ չորս հայ գերի: