Լաւրով. Հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թէժ փուլէն նոր դուրս կու գայ

2020-12-07
Image

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը դեռ նոր դուրս կու գայ թէժ փուլէն: Այս մասին երկուշաբթի յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ բանալով բանակցութիւններու նիստը Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավար Արա Այվազեանի հետ:

«Մենք նոր-նոր դուրս կու գանք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան թէժ փուլէն: Կ'ուզէի նշել 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու կողմէ ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան կարեւորութիւնը, որ այսօր բոլորը ստիպուած են ճանչնալ: Այն թոյլ տուած է կանգնեցնել պատերազմը, նաեւ ապահովել փախստականներու վերադարձը իրենց օճախներ», -ըսած է Լաւրովը: