Լաւրով եւ Չաւուշօղլու քննարկած են Ղարաբաղեան սահմանին առկայ դրութիւնը

2020-10-11
Image

Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլուն քննարկած են իրավիճակը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է 11 հոկտեմբերին թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ:

«Զրոյցի ընթացքին տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակի շուրջ Մոսկուայի մէջ 9-էն 10 հոկտեմբերի ժամանակամիջոցի եռակողմ բանակցութիւններու արդիւնքին մասին: Ընդգծուած է  10 հոկտեմբերին, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարներու համատեղ յայտարարութեան բոլոր դրոյթները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռուսական կողմէն հաստատուած է աշխոյժ միջնորդական ջանքերը շարունակելու պատրաստակամութիւնը, որոնք ուղղուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմանը՝ հաշուի առնելով Մոսկուայի մէջ կատարուած յայտարարութեան դրոյթները»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: