Իտալիոյ խորհրդարանի յանձնաժողովը ԼՂ-ի մասին փաստաթուղթով կոչ ըրած է վերադարձնելու բոլոր ռազմագերիները

Իտալիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը միաձայն հաւանութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ փաստաթուղթին, որով կոչ կ'ըլլայ անյապաղ վերադարձնելու պատերազմի հետեւանքով ռազմագերի դարձած բոլոր անձանց: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին Հռոմէն յայտնած է լրագրող Թալալ Խրայիսը:
Համապատասխան բանաձեւը պատգամաւորներու պալատին ներկայացուցած է պալատի նախագահ Փիէռօ Ֆասինոն:
Ինչպէս ըսուած է բանաձեւին մէջ, այն կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ կոչ ընել ազատ արձակելու բոլոր ռազմագերիները, խրախուսել կողմերը կառուցողական կերպով նպաստել տարածքներու ականազերծման՝ կոչ ընելով անոնց իրար տրամադրելու ականապատ տարածքներու քարտէզները: Կառավարութեան կոչ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական միութեան համապատասխան հարթակներուն միջոցաւ աջակցելու 2020թ. 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ամբողջական կատարման:
Ըստ բանաձեւի՝ Իտալիոյ կառավարութիւնը նաեւ պէտք է կոչ ընէ Մինսքի խումբի համանախագահին՝ աջակցելու կողմերու միջեւ բանակցութիւններուն, որոնք միտուած են տարածաշրջանին մէջ խնդրի վերջնական լուծման: Նախատեսուած է, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը երկու երկիրներու հաշտեցման եւ բանակցութիւններու վերսկսման համար պէտք է օգտագործէ անոնց հետ առկայ գերազանց յարաբերութիւնները: