Թրքական F-16-երու ծածկոյթի տակ ԱԹՍ-ները հարուածներ կը հասցնեն Արցախի խաղաղ բնակչութեան

Թրքական օդուժի օդային ղեկավարման կէտերը, որոնք կը թռին Թուրքիոյ օդային տարածքին մէջ, կը ղեկավարեն ատրպէյճանական օդուժի կազմին մէջ գործող թրքական ԱԹՍ-ներու գործողութիւնները։
Այս մասին դիմատետրի էջին գրած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը, աւելցնելով, որ ԱԹՍ-ները վեց միաւոր F-16-երու ծածկոյթի տակ, այսինքն՝ ուղեկցմամբ, հարուածներ կը հասցնեն Արցախի խաղաղ բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներուն։