Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը այս ամէնուն մէջ շատ վտանգաւոր տարրեր կը պարունակէ. Արցախի ԱԳՆ

2020-09-28
Image

Միշտ յարձակողական գործողութիւնները եղած են Ատրպէյճանի կողմէ եւ այս անգամ եւս համզուած ենք, որ յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ: Այս մասին Տեղեկատուական շտապին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը:

«Մենք այսօր աշխոյժ աշխատանքներ տարած ենք տարբեր միջազգային կառոյցներու հետ, իրազեկած ենք իրավիճակի մասին, որ մեր արտերկրեայ գործընկերները իմանան, թէ ով նախաձեռնած է այս յարձակումը եւ պատահակն չէ, որ շարք մը յայտարարութիւններ հնչեցին, եւ այս գործընթացը կը շարունակուի, շարք մը կառոյցներ ուղղակի կը մեղադրեն Ատրպէյճանը այս յարձակման համար եւ աջակցութիւն կը յայտնեն Արցախին: Ընդհանրապէս միջազգային արձագանգը եղած է շատ բուռն, բոլոր միջազգային հեղինակաւոր կառոյցները արձագանգած են իրավիճակին, սկսած ՄԱԿ-էն, ԵԱՀԿ-էն, Եւրոպայի խորհուրդէն, ՆԱԹՕ-ն յայտարարութիւն ընդունած է  եւ հիմնական պատգամը այն է, որ պէտք է կասեցնել պատերազմական գործողութիւնները, վերադառնալ բանակցութիւններու եւ խաղաղ ճանապարհով լուծել հարցը: Այս  յայտարարութիւններուն մէջ նշուած է, որ հակամարտութիւնը  չունի ռազմական լուծում եւ պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով»,-ըսած է Մայիլեանը:

Արցախի ԱԳ նախարարի խօսքով` բոլոր երկիրներու արձագանգը եղած է խաղաղասիրական, միայ  Թուրքիոյ արձագանգն է, որ եղած է յարձակողական եւ միակողմանի` Ատրպէյճանի օգտին:

«Մենք կը համարենք, որ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը այս ամէնուն մէջ շատ վտանգաւոր տարրեր կը պարունակէ: Եւ կան կոչեր, որ միջազգային հանրութիւնը ոչ միայն Ատրպէյճանը պէտք է զսպէ, նաեւ Թուրքիան պէտք է հեռու պահէ այս գործընթացներէն, որովհետեւ այն էականօրէն կրնայ փոխել աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ»,-ըսած է ան: