Թշնամին ջախջախելու մեր ջանքերը անկասկած յաջողութեամբ պիտի պսակուին. Արայիկ Յարութիւնեան

Պաշտպանութեան բանակը սահմանագիծի ողջ երկայնքով կը շարունակէ իւրաքանչիւր սանթիմեթր հողի համար կենաց ու մահուան պայքար մղել: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
«Վաղ առաւօտեան եղած եմ առաջնագիծի հարաւային թեւ: Տեղւոյն վրայ ծանօթացած եմ իրավիճակին, հրամանատարութեան հետ քննարկած ընելիքները: Տղաներուն մարտական ոգին ու յաղթանակի հանդէպ վստահ տրամադրութիւնները միայն վարակիչ են: Պաշտպանութեան բանակը ոչ միայն այդ ուղղութեամբ, այլեւ սահմանագիծի ողջ երկայնքով կը շարունակէ իւրաքանչիւր սանթիմեթր հողի համար կենաց ու մահուան պայքար մղել: Թշնամին ջախջախելու մեր ջանքերը անկասկած պիտի պսակուին յաջողութեամբ: Փա՛ռք հայոց բանակին»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեան: