Թշնամիի զօրամիաւորումները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրար վրայ․ Վահրամ Պօղոսեան

2020-10-07
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ:

«Զօրքի ոգեւորութեան ալիքը երթալով «անկառավարելի» կը դառնայ: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Թշնամիին գրեթէ կազմալուծուած զօրամիաւորումները խուճապէն կորսնցուցած են իրավիճակի կառավարումը եւ կը կրակեն իրարու վրայ»,- դիմատետրի իր էջին գրած է Պօղոսեան: