Թէ՛ թիկունքին, թէ՛ առաջնագիծին բոլորը քաջ կը գիտակցին իրենց ընելիքները. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․
«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ
Անցած գիշեր առաջնագիծին, ընդհանուր առմամբ, պահպանուած է յարաբերական կայուն վիճակը: Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ փայլուն եւ արհեստավարժ կերպով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:
Պատերազմական իրավիճակին յատուկ պայմաններու մէջ արդիւնաւէտ կը գործեն նաեւ պետական կառավարման բոլոր օղակները: Թէ՛ թիկունքին, թէ՛ առաջնագիծին բոլորը քաջ կը գիտակցին իրենց ընելիքները:
Ամէն ինչ կը գտնուի իմ անմիջական ու լիարժէք վերահսկողութեան ու համակարգման ներքոյ:
Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ, վստա՛հ եղէք»: