Թէ՛ առաջնագիծին, թէ՛ թիկունքին ամուր կանգնած ենք Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործի դիրքերուն վրայ. Արայիկ Յարութիւնեան

Այս պահուն կը շարունակեմ գտնուիլ առաջնագիծին։ Ինծի հետ են նաեւ ԱՀ եւ ՀՀ ԱԱԾ տնօրէնները։ Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Տղաները փայլուն կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը։ Ոգեւորուած եմ մեր զինծառայողներու քաջութեամբ ու արհեստավարժութեամբ եւ մեր կամաւորականներու նուիրուածութեամբ։
Մէկ խօսքով, թէ՛ առաջնագիծին, թէ՛ թիկունքին ամուր կանգնած ենք Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործի դիրքերուն վրայ։
Դարձեալ կոչ կ'ընեմ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, միացէ՛ք Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, հիմա է ժամը»։