Թալիշ ապրողները եւ Մատաղիսէն որոշ ընտանիքներ իրենց խնդրանքով ժամանակաւորապէս տարհանուած են. անոնք պիտի ապահովուին կացարաններով եւ սնունդով. Արցախի նախագահի խօսնակ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս համայնքներ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։
Անոր գրառումը ամբողջութեամբ՝ ստորեւ.
«Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը այսօր այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս համայնքներ: Բնակիչներու հետ հանդիպման, յատկապէս Թալիշ ապրողները եւ Մատաղիսէն որոշ ընտանիքներ, մտահոգութիւն յայտնելով Տաւուշի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններու առթիւ, խնդրած են ապահովութեան նկատառումներով կիները, երեխաներն եւ ծերերը ժամանակաւորապէս տեղափոխել թիկունքային համայնքներ:
Հանրապետութեան Նախագահի յանձնարարականով՝ տարհանումը կազմակերպուած է: Տեղափոխուած բոլոր անձինք պիտի ապահովուին կացարաններով եւ սնունդով:
Յաւելեմ, որ առաջնագիծը յարաբերականօրէն հանգիստ է, իսկ Պաշտպանութեան բանակը ամբողջովին կը տիրապետէ իրավիճակին:
Յ.Գ. Մենք բոլորս Տաւուշի սահմանապահներու ու բնակիչներու կողքին ենք: Ցաւակցութիւններս Հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած բոլոր հերոս տղաներուն հարազատներուն»: