Զոհուածներու ցուցակներուն մէջ ներառուած 10 զինծառայող ողջ է․ ՊԲ

2020-10-13
Image

Պաշտպանութեան բանակէն կը տեղեկացնեն, որ հոկտեմբեր 12-ին եւ 13-ին հրապարակուած զոհուած զինծառայողներու ցուցակներուն մէջ տեղ գտած են շարք մը անճշդութիւններ:

«Մասնաւորապէս նշուած ցուցակներուն մէջ ներառուած եղած են Արթուր Արամայիսի Առաքէլեանի, Յակոբ Խաչատուրի Յակոբեանի, Զարզանդ Յովհաննէսի Բարսեղեանի, Վահրամ Վաչականի Յովհաննիսեաննի, Գէորգ Մանուէլի Մանուկեանի, Արմէն Զաւէնի Ամիրճանեանի, Իշխան Ռաֆիկի Ասլանեանի, Միսակ Յակոբի Սաֆարեանի, Հայկ Արարատի Յակոբեանի եւ Արթուր Նորիկի Մինասեանի անունները, որոնք, ինչպէս պարզուած է, ողջ են:

Կը հայցենք բոլորիդ ներողամտութիւնը»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: