Երեք հերոս հրետանաւորներ ներկայացուած են ԱՀ «Արիութեան համար» մետալներու

2020-10-10
Image

Պաշտպանութեան բանակէն յայտնած են, որ 2020 թուականի 27 սեպտեմբերին, գտնուելով շրջափակման մէջ, վտանգը հաշուի չառնելով եւ չթողելով մարտական դիրքը, անձնական խիզախութեամբ, ինքնուրոյն մարտական խնդիրներ իրականացուցած են եւ հակառակորդի կենդանի ուժն ու ռազմական գոյքը ոչնչացուցած են 82 միլիմեթրնոց ականանետային մարտկոցի կառավարման դասակի հրամանատար, լեյտենանտ Սասուն Յակոբեանը, դասակի հրամանատար, աւագ լեյտենանտ Արթուր Աբրահամեանը, նշանառու, շարքային Միքայէլ Մանուկեանը:

Երեքն ալ ներկայացուած են ԱՀ «Արիութեան համար» մետալներու: