Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը 17 օգոստոսէն պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն

2020-08-13
Image

Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը  17 օգոստոսէն պիտի հեռանայ զբաղցուցած պաշտօնէն։ Այս մասին կը տեղեկանանք քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէն։

«Ղեկավարուելով աշխատանքային օրէնսգիրքի 112-րդ յօդուածով, «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 15-րդ մասով, «Երեւան քաղաքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի 48.1-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ հիմք ընդունելով Ա. Մեսչեանի դիմումը՝

1.Արթուր Մեսչեանը՝ 2020 թուականի 17 օգոստոսէբ ազատել Երեւան քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնէն:

2.Յանձնարարել Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ելեւմուտքի վարչութեան պետին՝ կատարել վերջնահաշուարկ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով»,- ըսուած է որոշման մէջ։