Ետ վերադարձուած է Վարանգաթաղ կոչուող բարձունքը․ Արծրուն Յովհաննիսեան

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը դիմատետրի իր էջին գրած է․
«Ինչպէս արդէն աւելի վաղ հաղորդած էինք, երէկ օրուան ընթացքին ՊԲ ստորաբաժանումները շարունակած են ջախջախիչ հարուածներ հասցնել հակառակորդին` էապէս բարելաւելով դիրքերը:
Մասնաւորապէս երէկ` ժամը 14:00-ի մօտ, ՊԲ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» ջոկատի բուռն մասնակցութեամբ, հիւսիսային ուղղութեամբ կազմակերպուած է հակագրոհ եւ վերադարձուած է Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը:
Ներկայիս մարտական գործողութիւնները արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ կը շարունակուին»: