Ես կ'երազեմ ըլլալ ՀՀ ղեկավարի ենթակայ, այդ մեր բոլորի երազանքն է, որ Արցախը ըլլայ Հայաստանի մաս. Արայիկ Յարութիւնեան

2020-09-22
Image

Մեր առօրեան կը սկսի պաշտպանութիւնով, կ'աւարտի պաշտպանութիւնով: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ Պետրոս Ղազարեանին հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: «Ամէն օր մեր մարտունակութեան աստիճանը կը փոխուի, ամէն օր աւելի ուժեղ կը դառնանք, ամէն օր կը համալրուի մեր սպառազինութիւնը»,-ըսած է ան:

Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան, Արայիկ Յարութիւնեանը ըսած է, որ «Քորոնա» ժահրը աշխարհի մէջ կարծես կասեցուցած է աշխոյժ քաղաքական գործընթացները:

«Այստեղ կայ դիրքորոշումներու տարբերութիւն, շատեր գնահատական կու տան, որ ձախողած է: Բանակցութիւնները կը սկսին՝ կ'ըսեն՝ կը ծախեն, բանակցութիւններ չկան՝ կ'ըսեն՝ սխալ է, ես կը հասկնամ մեր ընդդիմադիր գործիչներու պահուածքը: Աւելի կը յստակեցուի, աւելի  կը կոշտացուի մեր դիրքորոշումը եւ միանշանակ սա ճիշդ է:

Վերջերս, երբ յայտարարած եմ, որ անվտանգութիւնը աւելի կարեւոր է, տարբեր մեկնաբանութիւններ հնչած են, ես չեմ ստորադասեր ինքնորոշուած Արցախի  միջազգային ճանաչումը, բայց եթէ մենք չունինք բաւարար անվտանգային համակարգ, կը կորսնցնենք այդ ամէնը»,-ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի Մատրիտեան սկզբունքներուն, ապա Արցախի նախագահը ըսած է, որ Մատրիտեան սկզբունքները անընդունելի  են, այդ միանշանակ է եւ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ: «Կրնայ ըլլալ՝ առաջընթաց է, ոչ մէկը կը ժխտէ այդ, բայց այդ առաջընթացը չի բաւարարեր մեր պահանջները, կրնայ քաղաքական գործընթացներուն մէջ դրական ազդեցութիւն ձգել, բայց միանշանակ այն կը մերժուի ոչ միայն իմ կողմէ, այլեւ ժողովուրդի կողմէ: Արցախի մէջ չեմ հանդիպած մէկ մարդու որ տեղեակ է ինչ- որ չափով այդ սկզբունքներուն եւ կ'ըսէ, որ այն ընդունելի է»,-ըսած է ան:

Ան նշած է, որ չի հաւատար, որ մօտ օրերուն պատերազմ պիտի ըլլայ, սակայն եթէ նման բան ըլլայ, ապա մեր պատասխանը պիտի ըլլայ շատ կոշտ: «Այն երկիրները, որոնք պատերազմէն կը վախենան, կը կորսնցնեն ամէն ինչ»,-ըսած է ան: Ըստ անոր՝ հայ ազգը կը մերժէ Մատրիտեան սկզբունքները, քանի որ այն միակողմանի զիջում է:

Անդրադառնալով ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի յայտարարութեան, որ Արցախը ենթակայ է Երեւանին, Արայիկ Յարութիւնեանն ըսած է, որ տեղեակ է նախկապէս Հայաստանի իշխանութիւններու վերաբերմունքին Արցախի իշխանութիւններու նկատմամբ եւ խնդրեց չանդրադառնալ այսօրուայ համագործակցութեան՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ:

«Նախ ես կ'երազեմ ըլլալ ՀՀ ղեկավարի ենթակայ, այդ մեր բոլորի երազանքն է, որ Արցախը ըլլայ Հայաստանի մաս, բայց ատոր հասնելու համար երկար ճանապարհ կայ, բայց գործընկերային յարաբերութիւնները ոչ մէկը կասկածի տակ պէտք է դնէ: Շատ արժանապատիւ յարաբերութիւններ ունինք եւ մեր յարաբերութիւնները կը նպաստեն Արցախի, Հայաստանի անվտանգային համակարգի զարգացման»,-ըսած է ան: