Եթէ օր մը Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այդ առաջին հերթին լաւ կ'ըլլայ իրեն համար. ՀՀ նախագահ՝ StratNews Global-ին

2020-05-18
Image

Ցեղասպանութեան ժխտման խնդիրը կու գայ անկէ, որ ան չէ ճանչցուած Թուրքիոյ կողմէ: Այս մասին տեսակապի միջոցով հնդկական StratNews Global հեղինակաւոր տեղեկատուական  հարթակին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այն փաստը, որ Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ՀՀ նախագահը պատասխանած է. «Քանի մը կէտ կ'առանձնացնեմ, որմէ առաջինը կ'անուանեմ՝ ուժ: Եթէ դուք կ'ընդունիք ձեր սխալները, ապա ուժեղ էք, կը կարողանաք ըսել՝ այո՛, սխալ քայլ ըրած եմ եւ կը ցաւիմ ատոր համար: Այդ քայլը ձեզի թոյլ չի դարձներ այլ կը զօրացնէ:

Երկրորդ կէտը կ'անուանեմ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն: 1,5 միլիոն մարդ նահատակուեցաւ նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Այդ մարդիկ այնտեղ կ'ապրէին հազարաւոր տարիներ. հայերը նորեկներ չէին: Իսկ ո՞ւր մնացին անոնց մշակոյթը, հազարաւոր եկեղեցիները, ամրոցները, մշակութային կեդրոնները, մեծ գրականութիւնը եւ այլն: Կայ պատմութիւն, եւ աշխարհը այն ճանչցած է:

Եթէ օր մը Թուրքիան պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա այդ առաջին հերթին լաւ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժողովուրդի եւ Թուրքիոյ համար: Օրինակ՝ Թուրքիան կ'ուզէ միանալ Եւրոպական միութեան, սակայն եւրոպական ամենամեծ արժէքներէն մէկը հանդուրժողականութիւնն է, որ Եւրոպան միասնական կը պահէ: Կարեւոր է ճանչնալ պատմութիւնը եւ հանդուրժողականութեան ճանապարհով երթալ:

1915 թուականին մենք կորսնցուցինք 1,5 միլիոն մարդ: Պարզ թուաբանական հաշուարկով՝ եթէ այդ տեղի չունենար, ամբողջ աշխարհի հայերը, որոնք այսօր մօտ 10 միլիոն են, որմէ 3 միլիոնը Հայաստան կ'ապրի, պիտի ըլլային 20-25 միլիոն: Սա միայն 1,5 միլիոն հայերու մահուան մասին չէ, այլ սերունդներու կորուստ է, մարդիկ, որոնք չծնեցան:

Մենք նաեւ դարեր ի վեր տարբեր մշակոյթներու, տեղեկատուութեան կրողներ, վաճառականներ եղած ենք: Հայերը մշտապէս կապուած եղած են տարբեր մշակոյթներու հետ: Հայերը քաղաքակրթութեան խաչմերուկի վրայ եղած են, մենք առաջին քրիստոնեայ երկիրն ենք աշխարհի մէջ, մենք շատ տառապած ենք, ինչը, կը կարծեմ, մեզի զօրաւոր, վերապրող ժողովուրդ դարձուցած է: 21-րդ դարուն անհատական վերապրողները դեռ կը շարունակեն շատ կարեւոր ըլլալ»: