Եթէ հրթիռակոծութիւնները չդադրին, Արցախը պիտի դիմէ Հայաստանին ու աշխարհին՝ ճանաչման համար

Եթէ Ատրպէյճանի կողմէ հրթիռակոծութիւնները չդադրին առաջիկայ 1-2 օրուան ընթացքին, հրադադարը չվերականգնուի, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը կը դիմէ Հայաստանին ու աշխարհին՝ Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու համար։ Այդ մասին ան յայտարարած է 11 հոկտեմբերի 11-ի ասուլիսում։
«Այն պետութիւնները, որոնք կ'աջակցին Ատրպէյճանին, կը պաշտպանեն ահաբեկչութիւնը։ Արցախը կ'իրացնէ ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքն ու երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս»,-ըսած է ան։ Խօսելով շփման գիծին մարդասիրական հրադադար հաստատելու մասին պայմանաւորուածութիւնը կեանքի կոչելու մասին՝ Յարութիւնեանը յայտարարած է՝ Ատրպէյճանը կոպտօրէն խախտած է այդ պայմանաւորուածութիւնը. «Կ'ուզե՞ն երկարատեւ պատերազմ, լաւ, իրենք ընտրած են այդ տարբերակը։ Մենք չենք սկսած պատերազմը»,-յայտարարած է Յարութիւնեանը։
Անդրադառնալով Հատրութի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ ան ներկայացուցած է. «Քանի որ Ալիեւը յայտարարած է, թէ գրաւած են Հատրութը, որպէս վերջին հարուած հրադադարէն առաջ ընտրած է Հատրութ քաղաքը ու համատեղ երեւի թէ այլ երկիրներու հետ ձեւաւորած են ներթափանցող խումբ, որուն նպատակը եղած է գրաւել Հատրութ քաղաքը։ Անոնք յաջողած են այդ խումբերը մտցնել Հատրութ քաղաք ու Հատրութի մօտակայք, բայց մենք կրցած ենք վերաձեւաւորուիլ ու դիմակայել, ու այսօր Հատրութի քաղաքապետը Հատրութի վարչական շէնքին մէջ է»։
Արայիկ Յարութիւնեանը նաեւ ըսած է՝ միջազգային հանրութենէն բացի յայտարարութիւններն ու կոչերը, աւելի առարկայական գործողութիւններ կ'ակնկալուի։